2009-03-16 13:28:17

Վատիկանեան տեղեկութիւններ`


Կարտինալ Մարդէնս, երբեմնի կառավարիչը սուրբերու դատին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կողմէ նշանակուած է, որպէս քահանայապետական պատուիրակ գլխաւորելու՝ Փորթուկալի Ալմատա քաղաքի մէջ Յիսուս Թագաւորի սրբավայրի շինութեան 50րդ տարեդարձի հանդիսութիւններուն։

Նոյնպէս կարտինալ Ժոզէֆ Զէն Զէ Քիում, առաջնորդը Հոն-Գոնկի, նշանակուած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կողմէ, գլխաւորելու՝ Թայլանտիայի մայրաքաղաքին մէջ, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին Պանգոկ մայրաքաղաք այցելութեան 25-րդ տարեդարձի հանդիսութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ մայիս 10-11։



Քահանայապետական անուանում` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Պոնացցին՝ առաքելական դեսպան Լիթուանիայի եւ Էսդոնիայի։ Ան նախապէս պաշտօնավարած է Գուպա, Գամերուն, Թոպակօ, Մալդա, Մոզամբիկ, Սպանիա, ԱՄՆ, Իտալիա եւ Գանատա








All the contents on this site are copyrighted ©.